ՍՊԱՍՎՈՂ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐ ______

Կարող եք տեսնել մեր առաջիկա համերգները այստեղ:

 

ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ ______

Այսօր ինչ որ կ՚ըսենք մենք, անցեալին մէկ վերյիշումը, նաեւ ապագային մէկ երազն է:

Հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն Իսթանպուլի մէջ է որ մէկտեղուեցաւ «Ոմանք»ը: «Ոմանք», որ ինքզինք կը բնութագրէ որպէս այլընտրանքային երաժտութեան խումբ մը, ներկայիս այլեւս «փոքրամասնութիւն» դարձած այս մշակոյթին երաժշտութեան եւ լեզուին ընդմէջէն կը ջանայ պատմել իր բնակավայրն ու աշխարհը: Եւ այս մէկը ընելու միջոցին աւանդական հայ երաժշտութեան մօտիկ կենալով հանդերձ կը շրջի նաեւ անոր սահմաններէն դուրս:

«Ոմանք», որ Իսթանպուլի զանազան վայրերուն մէջ համերգներ կը սարքէ, երաժշտասէրներուն կը հրամցնէ բաւական ընդարձակ երգացանկ մը: Այս երգերուն մէկ մասը կը կազմեն այս աշխարհագրութեան վրայ գրեթէ բոլորին ծանօթ եւ զանազան լեզուներով արտայայտութիւն գտած աւանդական եղանակներ, Սայաթ Նովայի, Արթօ Թունչպօյաճեանի նման հայ երաժշտութեան վարպետներու գործերէն նմոյշներ, Դանիէլ Վարուժանի եւ այլ հայ գրականութեան տիտաններու բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ կատարուած յօրինումներ ու նաեւ խօսքն ու երաժշտութիւնը ուղղակի «Ոմանք»ի ստեղծագործութիւն հայերէն եւ թրքերէն ինքնուրոյն գործեր: Ըլլայ յօրինում, ըլլայ լոկ մեկնաբանութիւն, «Ոմանք» կը ձգտի անցեալին պատմութիւնը եւ ապագային երազը իրարու ընդելուզել եւ այսպէս՝ պատմել այսօրս:


lara

Լարա Նարին
- մենակատարուհի -

saro

Սարօ Ուսթա
- ստեղնաշար -

ari

Արի Հերկել
- պաս կիթառ -

ilkem

Իլքէմ Պալսէչէն
- թմբուկ -

tayis

Թայիս Եըլտըզճը
- ելեկտրոնիկ կիթառ -

rupen

Ռուբէն Մելքիսէթօղլու
- քլարինէթ -

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ ______

ՏԵՍԱՆՅՈՒԹԵՐ ______

ԿԱՊ ______

vomank band
Phone
+90 532 646 08 36
Email
info@vomank.com
Technical Rider
բեռնել
Hi-Res Photos
բեռնել
Hi-Res Logo
բեռնել